«Եւ թո՛ղ մեզ զպարտիս մեր որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց»
Հայր Մերի սիրտը եւ առանցքը այս խնդրանքն է: Որովհետեւ Տէր Յիսուս աղօթքը աւարտելէն յետոյ միայն այս կէտին անդրադարձաւ ըսելով. «Եթէ դուք չէք ներեր ուրիշներուն յանցանքները, ձեր Հայրն ալ պիտի չներէ»: Աստուծոյ կողմէ ներուելու պայմանը այն է որ մենք ալ պէտք է ուրիշները ներենք: Այս ուսուցումը Քրիստոսի Աւետարանի հիմնական պատգամն է, որուն Պատրիարքը կը տրամադրէ իր ամենէն երկար բացատրութիւնը ըստ նիւթի կարեւորութեան:
1 окт 2024