«ՀԱԼԷՊ» Aleppo Compatriotic Charitable Organization - NGO, 2021-ի Յունիս ամսուան ընթացքին, ներկայացուց արեւմտահայ գրող, փաստաբան եւ քաղաքագէտ Գրիգոր Զօհրապի «ԽՂՃՄՏԱՆՔԻ ՁԱՅՆԵՐ» թատերգութիւնը, ըստ «Փօստալ» նորավէպին, նուրիուած հեղինակի ծննդեան 160 ամեակին։
ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարություն նախարարութեան մեկենասութեամբ, Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, արեւմտահայերէնով բեմադրուած այս թատերգութիւնը, տեղի ունեցաւ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնէն ներս, երեք ելոյթներով, որոնցմէ մէկուն ներկայ էին
Ծրագրի ղեկավար՝ Աւետիս Ափոշեանի եւ բեմադրիչ՝ Գրիշա Մնոյեանի ջանքերով հանդիսատեսը մտովի տեղափոխուեցաւ Պոլիս, ծանօթանալու 19-րդ դարու բարքերուն եւ կենցաղին։
«ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ն իր բազմազան ծրագիրներու միջոցով, որեւէ ջանք չի խնայէր պահպանելու հայ լեզուն ու մշակոյթը, ի մասնաւորի արեմտահայերէնը եւ այս նպատակով կը միտի շարունակական դարձնել արեւմտահայերէն ներկայացումներու այս շարքը։ «Մենք այս անձնակազմը, որ հաւաքեցինք, նպատակ կը հետապնդենք մշտական դարձնելու, շարք դարձնելու, արեւմտահայերէն թատրոնի հիմք, սկզբնական շրջանին Գ․Զօհրապի գործերը բեմադրուին, վերածուին թատերգութեան, ինչպէս որ այս մէկը ըրինք»,- ըսած է Աւետիս Ափոշեան։
Տեղին է նշել, որ ներկայացման երաժշտութիւնը պատրաստած էր սուրիահայ երգահան՝ Սարգիս Ադամեանը, իսկ պարուսոյցն էր՝ Լիլիթ Յովհաննիսեանը։ Դերակատարներն էին՝ Թուխիկ Կարապետեան, Լիլիթ Յարութիւնեան, Սիմա Յարութիւնեան, Աւետիս Ափոշեան, Սոֆիա Սարեան, Ալվարդ Ասատրեան, Արմէնուհի Կարապետեանց եւ Զօհրապ Բեկ։
28 сен 2024