Սուրբ Հոգիի Պարգևները Մաս 3 և վերջին
ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐԸ
1 Հոգեւոր պարգեւներուն վրայով չեմ ուզեր, ե՛ղբայրներ, որ չգիտցող ըլլաք։ 2 Դուք գիտէք թէ՝ երբ հեթանոս էիք, մունջ կուռքերուն կը տարուէիք ինչպէս կ՚առաջնորդուէիք։ 3 Ուստի այս ձեզի կ՚իմացնեմ թէ մէկը չկայ որ Աստուծոյ Հոգիովը խօսի ու Յիսուսին նզովեալ ըսէ։ Եւ մէկն ալ չի կրնար Յիսուսը Տէր կոչել՝ եթէ ոչ Սուրբ Հոգիով։ 4 Պարգեւները զանազան են, բայց տուողը նոյն Հոգին է։ 5 Նաեւ պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։
Սուրբ Հոգիի Պարգևները՝ շնորհեները, Մաս 3, լեզուներու շնորհը
6 Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց նոյն Աստուածն է՝ որ կը ներգործէ ամէնքը ամէն բանի մէջ։ 7 Բայց ամէն մէկուն Հոգիին յայտնութիւնը տրուած է բոլորին շահուն համար։ 8 Մէկուն՝ Հոգիով իմաստութեան խօսք տրուած է, ուրիշին՝ գիտութեան խօսք, նոյն Հոգիին տուած չափովը. 9 Միւսին՝ հաւատք՝ նոյն Հոգիով. ուրիշին՝ բժշկութեան պարգեւներ՝ նոյն Հոգիով. 10 Ուրիշին՝ հրաշագործութիւններ, ուրիշին՝ մարգարէութիւն, ուրիշին՝ հոգիներու ընտրութիւն, ուրիշին՝ զանազան լեզուներ, ուրիշին՝ լեզուներու թարգմանութիւն։ 11 Այս ամէնը միեւնոյն Հոգին կը նորգործէ եւ ամէն մէկուն զատ զատ կը բաժնէ՝ ինչպէս ուզէ։
Սուրբ Հոգիի Պարգևները՝ շնորհեները, Մաս 3, լեզուներու շնորհը
28 сен 2024