Կոստան Զարեանի գրական վաստակն ու մտաւորական գործունէութիւնը՝ մշակութային եւ աշխարհագրական առումներով, համաշխարհային ընդարձակութիւն կը դրսեւորեն։ Նարինե Պետրոսյանի, Վարդան Մատթէոսեանի եւ Կարէն Ջալլաթեանի այս զրոյցը Զարեանի գործը կը դիտարկէ իր եւ մեր ժամանակներու համածիրներուն մէջ՝ անդրադառնալով գրողի Սփիւռքեան փորձառութեաւնը՝ քովն ի վեր անոր զօրաւոր միտումը դէպի Հայաստան։
«Սփիւռք. քննական անդրադարձներ» հաղորդաշարը նուիրուած է արեւմտահայ գրական մշակոյթին։ Զրոյցները կ՚անդրադառնան վերջին հարիւր տարուան այն զարգացումներուն եւ խնդիրներուն, որոնք էական դեր խաղցած են Սփիւռքի բազմատարր, բազմակեդրոն եւ շարժուն հաւաքական կեանքի կերտման մէջ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին աջակցութեամբ իրականացուած շարքը կը փորձէ հանրամատչելի կերպով ներկայացնել արդի, ժամանակակից, ինչպէս նաեւ նոր-նոր ասպարէզ իջնող արեւմտահայ գրագէտներու եւ մտաւորականներու փորձառութիւնն ու վաստակը։
Շարքի մյուս թողարկումները կարող եք դիտել այստեղ՝ bit.ly/4bu72p6
#բունtv #գրականություն #սփյուռք #կոստանզարեան
© Բուն TV
Web: boon.am/
Facebook: / boontvofficial
Telegram: t.me/boon_tv
Instagram: / boon_tv
TikTok: / boon_tv
LinkedIn: / boon-tv-official
10 мар 2024