Тёмный

2024 Չեմչեմիկին Արկածները 

Hamazkayin Western Region USA
Подписаться 139
Просмотров 143
50% 1

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Թատերական Միաւորը ստեղծման առաջին օրէն կը տանի բեղուն գործունէութիւն, նպատակ ունենալով զարկ տալ եւ տարածել հայկական թատերական արուեստը, ստեղծել հայ դերասաններով աշխոյժ ընտանիք մը եւ յայտնաբերել նոր տաղանդներ ու թատերգութիւններ։ Այսօր, Թատերական Միաւորը մեծ ուրախութեամբ կը ներկայացնէ Վաչէ Ատրունիի «ՉեմՉեմիկ» մանկապատանեկան երաժշտախառն թատերախաղը։ Այս զուարճալի եւ դաստիարակիչ ներկայացումը առիթը կուտայ, յատկապէս երեխաներուն, գնահատելու անկեղծութեան, ազնուութեան, մաքրութեան եւ աշխատասիրութեան արժանիքները, անդրադառնալու անոնց կարեւորութեան եւ ընդգրկելու զանոնք իրենց առօրեայ կանքին մէջ: Մեր ներկայացումները հայերէնով են միշտ, որպէսզի մեր պատանիները թատրոնի արուեստը լսեն իրենց մայրենի լեզուով, հայերէն լեզուի գործածութիւնը դառնայ բնական, եւ ստեղծուին առիթներ որ մեր զաւակները հաւաքական հաճոյք ստանան հայկական ուրախ մթնոլորտի մէջ։
Հեղինակ՝ Վաչէ Ատրունի
Բեմադրութիւն՝ Գոհար Կարապետյան
Տարազներ՝ Շուշիկ Արսլանեան
Բեմայարդարում՝ Գեւօ Մանուկեան
Դերասանական կազմը եւ իրենց դերերը
The Actors and their Roles
Գեւօ Մանուկեան` Չեմչեմիկ
Արմինէ Զառահյան` Կարկանդակ
Շահէ Հարպոյեան` Պահարան
Ժագ Արմուտիքեան` Մեծ Հայր
Ալիք Խաչերեան` Ժամացոյց
Ալիք Արթինեան` Անկողին
Արենի Չալիքեան` Կատու
Ալեքս Գասամանեան` Տըմպլօ
Վարանդ Չալիքեան` Խրտուիլակ
Անի Անմահունի` Մրոտ
Հեղինակին Խօսքը
Սիրելի Համազգայինի Թատերական Միաւորի կազմակերպիչներ, բեմավարներ, դերասաններ, թատրոնի խենթուկ նուիրեալներ: Այս դժուարին պայմաններուն մէջ տրուիլ թատերական գործին, յատկապէս մանկական թատրոնին, շնորհակալ գործ մը ըլլալէ աւելի` հերոսութիւն
մըն է, անպայման բարձր գնահատականի արժանի։ Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ բեմադրիչ Գոհար Կարապետյանին, դերասանական ողջ անձնակազմին եւ յատկապէս ձեզ կազմակերպիչներ, հաւատալով որ ձեր այս սրբազան գործը իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ անպայման։ Շա՜տ ապրի՛ք։
Մտքով միշտ ձեզի հետ՝
Վաչէ Ատրունի

Опубликовано:

 

7 окт 2024

Поделиться:

Ссылка:

Скачать:

Готовим ссылку...

Добавить в:

Мой плейлист
Посмотреть позже
Комментарии    
Далее
Epic Reflex Game vs MrBeast Crew 🙈😱
00:32
Просмотров 8 млн
ԸՆՏԻՐ ԽՄՈՐԵՂԵՆ
11:15
Просмотров 45 тыс.
Երգ երգոց. Սայաթ-Նովա
1:07:20
Просмотров 16 тыс.
HD Stand Up 35 /New Season/ - Քաղաքական
23:23