«Ազդակ»-ի 59-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 15 յունիս 2023-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դասախօսն էր հրապարակախօս, գրող եւ տնտեսագէտ Վահան Զանոյեան: Նիւթ` «Հայկական մասնագիտացած մարդուժի հայրենական մարտահրաւէրները»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը ներկայացուց նիւթին առանցքը` ինչպէ՞ս կարելի է համահայկական մասնագիտական մարդուժը օգտագործել հայրենիքի մէջ, եւ թէ ի՞նչ խոչընդոտներ կան այդ հրամայականին ընդառաջ աշխատելու համար: Ան նշեց, որ այս առումով դաշտը խայտաբղէտ է, եւ վիճակացոյցը` շատ խառն: Կարելի է հանդիպիլ յաջողած ոլորտներու, ինչպէս նաեւ` ձախողած մարզերու կամ ընդհանրապէս գոյութիւն չունեցող մասնագիտական ներդրումներու: Հետեւաբար Վահան Զանոյեան նախընտրեց կեդրոնանալ պետական եւ սեփական դաշտերուն վրայ` զանոնք եւս իրենց հերթին ենթադասակարգելով ոչ քաղաքական եւ ոչ պետական, ինչպէս` պետական եւ քաղաքական բաժիններու: